2010-11-15 14:14:51

<<Դէպի համամիութենական երկխօսութեան նոր հանգրուան>>


Երկուշաբթի յետ միջօրէի ժամը 17.30 սկիզբ առաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քհանայապետական Խորհուրդի 2010ի ընդհանուր ժողովի տարեկան նիստը, որ այս տարի կը տօնախմբէ նաեւ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը։ Ժողովին նիւթն է <<Դէպի համամիութենական երկխօսութեան նոր հանգրուան>> Ժողովը կը գլխաւորէ Խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Գուրդ Գոչ։
Երեքշաբթի 16 նոյեմբեր 2010ի առաւօտեան` վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախատեսուած է համապատարագ մը, որմէ ետք խորհրդածական նիւթերը պիտի շարունակուին խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Պրայըն ֆարրէլի կողմէ,որը պիտի անդրադառնայ խորհուրդի աշխատանքի գործունէութեան ։ Ապա զեկոյց մը պիտի կատարէ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի-ն` Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ որ պիտի խօսի ՝՝Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու՝՝ մասին, իսկ Կարտինալ Լուպօմիր Հուսարը պիտի ներկայացնէ ՝՝Ուկրանիոյ Կացութիւնը՝՝ հուսկ Գերապայծառ Պարդելեմի Ատուգօնու-ն պիտի զեկուցէ ՝՝Ափրիկէի մէջ Համամիութիւնը՝՝ նիւթի մասին։ Իր կարգին Գերապայծառ Փօլ Նապիլ էլ Սայահը պիտի ակնարկէ ՝՝Միջին Արեւելքի Յատուկ Սիւնհոդոսին՝՝ անդրադառնալով յատկապես այդ շրջանի համամիութէնական շարժումի եւ իրողութեան մասին։ Հայր Նորպերդ Հոֆֆման պիտի խօսի Հրեաներու հետ երկխօսութեան մասին։ Նիստերու ընթացքին նախատեսուած է նաեւ կարտինալ Վալդեր Գասբերի միջամտութիւնը ՝՝Բողոքական Եկեղեցիներու հետ 40 տարուայ երկխօսութեան գործընթացքի՝՝ շուրջ։ Իսկ չորեքշաբթի 17 նոյեմբերին հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնապես պիտի յիշուի Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձը։ Ժողովը վերջ կը գտնէ ուրբաթ 19 նոյեմբերին։







All the contents on this site are copyrighted ©.